2014-12-09 10:04:02

Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին խօսքը` Արհի. Հ. Մանուէլ Եպս. Պաթագեանի եւ Գերյ. Հ. Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանի քահանայական ձեռնադրութեան 60 ամեակի առիթով։


Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկրի խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն.
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
եւ յատուկէն՝ յոյժ սիրելի քահանայակից եղբայրներ՝
Արհի. Հ. Մանուէլ Եպս. Պաթագեան եւ Գերյ. Հ. Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեան,

Աստուծոյ հազար փառք պէտք է տանք, որ 60 տարի առաջ քահանայական կեանքի ձեզ կոչեց եւ ձեզի յանձնեց քահանայական կարգը, շարունակելու համար Յիսուսին առաքելութիւնը հայ ժողովուրդին մէջ, որ է՝ անոնց աւետել բարի լուրը, սուրբ Աւետարանը, մեր կեանքին փրկութեան ուղեցոյցը՝ անոնց քարոզելով երկինքին ճամբան խօսքով, բայց մանաւանդ՝ ձեր բարի օրինակով եւ կեանքի վկայութեամբ:
Ամէն ատեն Հայր Աստուածը կը կոչէ երիտասարդներ ինչպէս նաեւ նուազ երիտասարդներ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ծառայութեան համար, որովհետեւ «հունձքը շատ է, բայց մշակները քիչ» (Մտթ. 9,37) են Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ:
Իսկապէս, եթէ աչք մը նետենք մեր համայնքի զանազան առաքելավայրերուն վրայ, կը նշմարենք որ կարիքները շատ շատ են, եւ հովիւները՝ անբաւարար: Այսպէս, Մայր Հայաստան, բայց մանաւանդ՝ Ռուսաստան, ուր մօտաւորապէս 300 000 Հայ Կաթողիկէ ժողովուրդ ունինք, ցրուած զանազան քաղաքներուն մէջ:
Նոյնպէս, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայի թեմերը, սուր կարիք ունին վարդապետներուն՝ թափուր մնացած ժողովրդապետութիւններուն հետեւանքով:
Աստուած միշտ հաւատարիմ է եւ մեզ շատ կը սիրէ: Բաւ է որ ընտանիքներէն ներս տիրէ քրիստոնեայ ոգին՝ թէ խօսքով եւ թէ գործով, եւ ծնողքը արգելք չհանդիսանան իրենց զաւակներուն կոչումին եւ կոչումները պիտի վխտան:
Պէտք է նաեւ յատուկ կերպով աղօթել կոչումներուն համար, ըստ Յիսուսի խօսքին, որ ըսաւ. «Աղաչեցէ՛ք հունձքի Տիրոջ, որ մշակներ ղրկէ իր հունձքին» (Մտթ 9,38):
Արդեօք, դուք ժամանակ կը տրամադրէ՞ք երբեմն երբեմն աղօթելու կոչումներուն համար: Պէտք է ըսել թէ, քիչ անգամ Յիսուս բացայայտօրէն մեզմէ կը խնդրէ որ աղօթենք. ան ալ՝ քահանայական կոչումներուն համար:
Պէտք է նաեւ աղօթել, որպէսզի կոչուած երիտասարդները յարատեւեն իրենց կոչման մէջ:
Այդպէս եղաւ Արհի. Պաթագեան Գերպ.ին եւ Գերյ. Կռանեան վրդ.ին, որոնք 60 տարի հաւատարիմ մնացին Աստուծոյ կոչին եւ հոգւով սրտով աշխատեցան առանց ձանձրանալու կամ յուսահատելու դժուարութիւններուն եւ անհասկացողութիւններուն դիմաց: Ոչ իսկ յառաջացած տարիքը, իրենց արգելք հանդիսացաւ շարունակելու իրենց առաքելական գործը՝ հոգեւոր, ծիսական, ուսումնասիրական, երաժշտական եւ այլ մարզերուն մէջ:
85 տարեկան հասակը բոլորելով հանդերձ, անոնք օրնիբուն նուիրումով կը գործեն, անտեսելով նոյնիսկ իրենց արդար հանգիստը, այն աստիճան, որ շատեր չեն վարանիր իրենցմէ այլեւայլ ծառայութիւններ խնդրելու, որոնցմէ մին՝ նուաստ անձս եւ որուն համար, իմ անկեղծ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ: Կեանքի փառքը չփնտռող, նիւթականի կապուած չըլլալով, անոնց կեանքին բնաբանը դարձաւ՝ ծառայել, ծառայել ու ծառայել: Յիրաւի, օրինակելի եւ այսպիսի նուիրեալ հոգիներ:
Աստուած անոնց նմանները շատցնէ: Իսկ անոնց ձգած ճոխ արգասիքը, Աստուած միայն գիտէ: Ան է որ զիրենք պիտի հատուցանէ աստուածային կերպով: Ասոր համար, սիրելիներ, մենք ամէնքս իրենց բարձրաձայն գոչենք՝
շատ սիրելի Գերպ. Պաթագեան եւ շատ սիրելի Գերյ. Կռանեան
Աստուած ձեզի վարձահատոյց ըլլայ:
Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինը ձեզի հովանի ըլլայ:

Կեցցէ՛ Արհի. Գերպ. Պաթագեան.
Կեցցէ՛ Գերյ. Հայր Կռանեան.
Կեցցե՛ն նման նուիրեալ առաքեալներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.